2016-12-18 16:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 18 դեկտեմբերի թուիթը` ''Քրիստոս`Մեր ուրախութեան հիմքը''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Մեր ուրախութիւնը կը բխի այն վստահութենէն թէ Տէրը մեզի մօտ է, իր քնքշութեամբ, իր ողորմութեամբ. Իր  ներումով եւ սիրով''։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակի` 18 դեկտեմբեր 2016-ին հրապարակած թութին մէջ, որուն մէջ ուզեց շեշտը դնել քրիստոնէական ուրախութեան վրայ որ իր հիմքը ունի Քրիստոսի ու Անոր մեզի ցուցաբերած անվերապահ մօտիկութեան մէջ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ կիրակի 18 դեկտեմբերին հրապարակեց այլ թուիթ մը. որուն մէջ իր զօրակցութիւն յայտնեց աշխարհի բոլոր գաղթականներուն ու շնորհակալութիւն յայտեց բոլոր անոնց որոնք անոնց օգնութեան հասնին։

''Զօրակցութիւն կը յայտնեմ աշխարհի բոլոր գաղթականներուն եւ շնորհակալ եմ բոլոր անոնց որոնք զանոնք կ՛օգնեն. Ուրիշ մը հիւրընկալելը կը նշանակէ նոյնինքն զԱստուած հիւրընկալել''։








All the contents on this site are copyrighted ©.